Հայաստանէն Սուրիա եւս 25 թոն բեռ ուղարկուած է

Երեւանի «Էրեբունի» օդակայանէն մարդասիրական օգնութեան երկրորդ՝ առաւել քան 25 թոն ծանրութեամբ, խմբաքանակը ուղարկուեցաւ Սուրիա։ Այս մասին հաղորդեց Հայաստանի արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը:
Բեռը կը ներառէ ուտելիք, դեղորայք եւ բժշկական իրեր:
Առաջին` 30 թոն կշռող օգնութիւնը, ուղարկուեցաւ 8 Փետրուարին:
Միւս կողմէ, Հայաստանէն Հալէպ մեկնած փրկարարական խումբը, աւարտելով իր առաքելութիւնը՝ վերադարձաւ հայրենիք։ Այս մասին կը յայտնեն Հալէպի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութենէն։