Հայաստանը Պերլինի մէջ կը մասնակցի ամենամեծ զբօսաշրջային ցուցահանդէսին
7-9 մարտին Հայաստան Պերլինի մէջ կը մասնակցի ամենամեծ զբօսաշրջային ցուցահանդէսին՝ ITB Berlin 2023-ին:
2019-էն յետոյ ITB-ն կը վերադառնայ` նորէն թելադրելու զբօսաշրջային նոր հակումներն ու ուղղութիւնները:
ՀՀ Տնտեսութեան նախարարութեան Զբօսաշրջութեան կոմիտէն ոլորտի կազմակերպութիւններուն հետ կը ներկայացնէ Հայաստանը, որպէս հետաքրքիր զբօսաշրջային ուղղութիւն` ծանօթացնելով հիւրերուն մեր երկրի զբօսաշրջային արտադրանքներուն հետ, այդ շարքին` հայկական համեղ ուտեստներուն, որոնք ներկայացուած են տաղաւարին մէջ: