Հայաստանը պէտք է «սեղմէ խաղաղութեան ձեռքը», որ մեկնած են Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը. Թուրքիոյ ՊՆ

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար Milliyet-ին տուած հարցազրոյցին մէջ ըսած է, որ Հայաստանը պէտք է «սեղմէ խաղաղութեան ձեռքը», որ մեկնած են Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը։
Միաժամանակ ան ընդգծած է, որ Թուրքիան պիտի շարունակէ իր «եղբայրական» յարաբերութիւնները Ատրպէյճանի հետ՝ անոր հետ գործելով «որպէս մէկ բռունցք ու մէկ սիրտ»։
Ան կրկնած է «Զանգեզուրի միջանցքի» թէզը՝ խօսելով տարածաշրջանի համար «տնտեսական, ընկերային եւ անվտանգութեան տեսանկիւնէ» անոր կարեւորութեան մասին։
«Կարեւոր է սեղմել մեր նախագահի մեկնած խաղաղութեան ձեռքը... Մենք Հայաստանին կ'ըսենք, որ օգտուի այս հնարաւորութենէն»,- ըսած է Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարը՝ աւելցնելով «այլ ուժերու ազդեցութեան տակ պատրանքներու անիմաստութեան մասին» արտայայտութիւնը։