Հայաստանի բարձրագոյն ղեկավարութիւնը յարգանքի տուրք մատուցեց Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին

Հայաստանի Հանրապետութեան բարձրագոյն ղեկավարութիւնը Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ յարգանքի տուրք մատուցեց Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:
Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին յարգանքի տուրք մատուցեցին նախագահ Վահագն Խաչատուրեանը, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանը եւ կառավարութեան այլ անդամներ:
Բարձրաստիճան պաշտօնեաները ծաղիկներ խոնարհեցին Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող անմար կրակին մօտ:
Այնուհետեւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այցելած է Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ, ծանօթացած է «Հայկական վարժարաններու հետքերով. ուսեալ ազգի վկայագրերը» խորագրով ցուցադրութեան ներկայացուած նիւթերուն:
Եղեռնի 107-րդ տարելիցին առիթով յղած իր ուղերձին մէջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը նշէ, որ պատմական փաստերու, ցեղասպանութիւններու եւ ոճրագործութիւններու հերքումը, խեղաթիւրումը, ճշմարտութեան հետ չառերեսուիլը, միջազգային հանրութեան թողտուութիւնը կը ծնի նոր դաժանութիւններ եւ յանցագործութիւններ:
Հայաստանը պիտի շարունակէ աշխուժօրէն նպաստել ցեղասպանութիւններու, մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու կանխարգիլման ուղղուած միջազգային հանրութեան ջանքերուն, ցեղային, կրօնական եւ ցեղապաշտական հողի վրայ խտրականութեան եւ անհանդուրժողականութեան դրսեւորումներու դէմ պայքարին, ընդգծած է վարչապետ Փաշինեան` յաւելելով, որ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման օրակարգը պիտի ծառայէ Հայաստանի անվտանգութեան երաշխիքներու համակարգի ամրապնդման:
«Այս օրակարգը կառավարութիւնը ծառայեցնելու է ոչ թէ տարածաշրջանային լարուածութեան աճին, այլ ընդհակառակը` տարածաշրջանի լիցքաթափման նպատակին», կ’ըսուի անոր ուղերձին մէջ:
«Մեծ Եղեռնը հայ ժողովրդի պատմութեան ամենաողբերգական էջն է: Եւ այն մեզ համար ոչ միայն մեր անմեղ նահատակների յիշատակը խնկարկելու, նրանց առաջ գլուխ խոնարհելու, այլեւ մեր պատմութեան` անցեալի, ներկայի եւ ապագայի մասին մտածելու առիթ է: Այն մեզ համար առիթ է արձանագրելու, որ հայ ժողովուրդը սեփական ճակատագրի տնօրինման աւելի ու աւելի մեծ հնարաւորութիւններ ու լծակներ պիտի ունենայ, պիտի կարողանայ սեփական ճակատագիրն ուրիշների որոշումների տիրոյթից սեփական որոշումների տիրոյթ տեղափոխել:
Նման իրավիճակի ամենագործուն արտայայտումը անկախ պետականութիւնն է, իր բոլոր հիմնարկների առաւելագոյն կայացուածութեամբ, որոշումների կայացման ընդունակութիւններով ու մեխանիզմներով: Այս գիտակցումն է մեզ յանգեցրել մեր ժողովրդի ու տարածաշրջանի համար խաղաղ զարգացման դարաշրջան բացելու օրակարգին, որովհետեւ սեփական անվտանգութեան ապահովման ամենաարդիւնաւէտ գործիքը կայացած պետականութիւնն է եւ խաղաղութիւնը: Ու մենք պիտի գնանք այս ճանապարհով», նշած է Հայաստանի ղեկավարը:
Ապա ան յաւելած է, որ նաեւ այս է պատճառը, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման միտուած բանակցութիւններ կը վարեն` յոյս յայտնելով, որ թրքական կողմին ձգտումները անկեղծ են, եւ կը կարենան այս ուղղութեամբ շարժիլ յառաջ:
«Միաժամանակ, այսօրուայ մեր խնդիրն է` համայն հայութեան ներուժի իրացմամբ կառուցել արժանապատիւ եւ կայացած ժողովրդավարական պետութիւն», նկատած է ան:
Եթէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժամանակին դատապարտուէր, ապա կը կանխարգիլուէին հետագայ ցեղասպանութիւնները, համոզմունք կը յայտնէ Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատրեանը:
«Հէնց այդ պատճառով է Հայաստանի Հանրապետութիւնը միջազգային ասպարէզում հետեւողական պայքար մղում ցեղասպանութեան յանցագործութեան դատապարտման եւ կանխարգելման ուղղութեամբ: Մենք գիտակցում ենք, որ մեր նահատակուած հայրենակիցների յիշատակին յարգանքի տուրք մատուցելու լաւագոյն ձեւը հզօր եւ ժողովրդավար Հայաստանի կայացումն է, մեր ժողովրդի բարօր կեանքի, մեր երկրի սահմանների ամրութեան ու անվտանգութեան ապահովումն է, Հայաստանի միջազգային հեղինակութեան ամրապնդումն է», ըսուած է նախագահին ապրիլքսանչորսեան ուղերձին մէջ:
«Ցաւօք, Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու սեփական պատմութեան ամօթալի էջերի տարատեսակ խմբագրումները շարունակում են մնալ ժամանակակից Թուրքիայի ժխտողական քաղաքականութեան հիմքում: Մէկ անգամ չէ, որ համոզուել ենք` յանցագործութեան ժխտումը նոր յանցագործութեան երաշխիքն է», նշած է Ազգային Ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանը իր ուղերձին մէջ: