Հայաստանի մէջ պիտի կայանան ՀԱՊԿ խաղաղապահ զօրախումբի «Անխորտակելի եղբայրութիւն-2023» համատեղ զօրավարժութիւնները. ՌԴ ՊՆ

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած է, որ Ռուսիոյ Դաշնութեան ցամաքային զօրքերու ստորաբաժանումները պիտի մասնակցին Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) խաղաղապահ զօրավարժութիւններուն, որոնք պիտի կայանան Հայաստանի մէջ։
Այս մասին հրապարակուած է ՌԴ պաշտպանութեան նախարարութեան կայքին մէջ։
«Ռուսիոյ Դաշնութենէն դուրս Հայաստանի տարածքին պիտի կայանան ՀԱՊԿ խաղաղապահ զօրամիաւորումներու «Անխորտակելի եղբայրութիւն-2023» համատեղ զօրավարժութիւններ»,- ըսուած է զեկոյցին մէջ։