Հայաստանն ու Ատրպէյճանը պէտք է ետ քաշեն իրենց զօրքերը․ Եւրոպացի պաշտօնատար
Մէկ-երկու կէտ կայ, ուր հայկական զօրքերն են սահմանային տարածքներուն մէջ։ Ասուլիսի ժամանակ յայտարարած է Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Անտրէա Վիքթորինը:
«Յոյսով եմ երկու կողմերն ալ իրենց զօրքերը կը հանեն եւ բոլորը կ'անցնին սահմանազատման եւ սահմանագծման աշխատանքներուն։ Յստակ նշուած է, որ մէկ-երկու կէտ կայ, ուր հայկական զօրքերն են, ըսենք, սահմանային տարածքներու մէջ եւ շատ յստակ սահմանազատում եւ սահմանագծում պէտք է ըլլայ: Այդ եղած է պրիւքսէլեան ձևակերպումը»,-նշած է Վիքթորինը։
Իսկ թէ որ հատուածներու մասին է խօսքը, Վիքթորինը չէ յստակեցուցած՝ ըսելով, որ մանրամասներուն ծանօթ չէ եւ այդ մասին լսած է բանակցութիւններէն։