Հայաստան առաջին թռիչքով Պէյրութ պիտի ուղարկէ 12 թոն մարդասիրական աջակցութիւն

2020-08-07
Image

Երեւանէն 8 օգոստոսի երեկոյեան տեղի պիտի ունենայ առաջին թռիչքը Պէյրութ, որմով Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը 12 թոն մարդասիրական աջակցութիւն պիտի ուղարկէ Լիբանանի Հանրապետութեան կառավարութեան:

«Ֆեյսպուք»-ի իր էջին այս մասին գրառում կատարած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:

«Յաջորդ շաբթուան ընթացքին պիտի իրականացուի մարդասիրական աջակցութեան եւս 2 թռիչք: Պէյրութ պիտի մեկնի նաեւ ՀՀ կառավարութեան, Ազգային ժողովի եւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի ներկայացուցիչներէն կազմած պատուիրակութիւնը»,- գրած է վարչապետը:

ՀՀ վարչապետը նաեւ տեղադրած է Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած պայթումէն ետք ստեղծուած իրավիճակին մէջ Հայաստանի կառավարութեան ընելիքներու վերաբերեալ քննարկման տեսանիւթը:

Քննարկման ընթացքին վարչապետը ընդգծած է, որ իրեն յայտնած են, որ այս պահին ծրագրուած է երեք օդանաւի թռիչք, որոնք մարդասիրական աջակցութիւն պիտի հասցնեն Պէյրութ:

ՀՀ փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեանը յայտնած է, որ առաջին թռիչքը նախատեսուած է 8 օգոստոսին, ժամը 21:00-ին, որուն հիմնական նպատակը պիտի ըլլայ առաջին հերթին ցուցաբերել դեղորայքային աջակցութիւն: «Յաջորդ թռիչքը կը նախատեսուի իրականացնել երեքշաբթի, եւս մէկ թռիչք պիտի ըլլայ յաջորդ շաբթուան ընթացքին: Այս պահին կը կատարուի ապրանքներու հաւաքագրումը: Կը կարծեմ մենք պիտի ունենանք մինչեւ 12 թոնն բեռ առաջին թռիչքով, որ պէտք է տեղափոխուի Լիբանան: Լիբանան պիտի երթան նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան, Ազգային ժողովի, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի ներկայացուցիչներ, որպէսզի տեղուոյն վրայ ծանօթանան իրավիճակին, ինչպէս նաեւ հասկնան ինչ այլ միջոցներու կարիք կայ ինչպէս Լիբանանի կառավարութեան, այնպէս ալ տեղի հայ համայնքին աջակցելու համար»,- ըսած է փոխվարչապետը: