Հայաստան երկրաշարժէն տուժածներուն 30 թոն օգնութիւն ուղարկեց Սուրիա

2023-02-09
Image

Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը, Հայաստանի վարչապետին յանձնարարականով կազմակերպած է երկրաշարժէն տուժած Սուրիոյ Հանրապետութիւն աւելի քան 30 թոն օգնութեան տեղափոխութիւնը:

«Մարդասիրական բեռը ներառել է սնունդ, դեղորայք ես բժշկական սարքաւորումներ: Այն Սիրիա է ուղարկուելու Երեւանի «Էրեբունի» օդանաւակայանից»,-ըսուած է ԱԻՆ-ի հաղորդագրութեան մէջ։

Բեռի տեղափոխումը Երեւանէն Հալէպ իրականացուած է «ԻԼ-76» մակնիշի ինքնաթիռով: Կազմակերպչական աշխատանքներուն աջակցած է ՆԳՆ փրկարար ծառայութիւնը:

Նշուած է, որ գործընթացին հետեւած է Արտակարգ իրավիճակներու նախարար Արմէն Փամբուխչեանը։

Սուրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանատունը իր կարգին հաստատած է, որ օգնութիւնը հասած է Սուրիոյ, ինչպէս նաեւ նոյն օդանաւով Հալէպ հասած են 29 հայ փրկարարներ։