ՀՀ ՊՆ N զօրամասի զինծառայողը հրազէնային վիրաւորում ստացած է. վիճակը ծանր է

2023-01-30
Image

Յունուար 29-ին, նախնական տուեալներով զէնքի օգտագործման կանոններու խախտման հետեւանքով, հրազէնային վիրաւորում ստացած է Պաշտպանութեան Նախարարութեան N զօրամասի զինծառայող Ա. Ա.-ն:

Զինծառայողի վիճակը կը գնահատուի ծայրայեղ ծանր: Այս մասին յայտնած են ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութենէն:

 Դէպքի հանգամանքները լիարժէք պարզելու համար կը տարուի քննութիւն: