Հրամայական է Լեռնային Ղարաբաղ եւ Լաչինի միջանցք միջազգային փաստահաւաք առաքելութեան գործուղումը․ ԵԱՀԿ-ի մօտ ՀՀ ներկայացուցիչ

2023-02-10
Image

Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ, դեսպան Արմէն Պապիկեան ԵԱՀԿ Մշտական խորհուրդի նիստի ընթացքին հանգամանօրէն անդրադարձած է 2022թ. 12 դեկտեմբերէն ի վեր Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի շրջափակման հետեւանքով Արցախի մէջ առաջացած մարդասիրական ճգնաժամային իրավիճակին:

Դեսպանը շեշտած է, որ արդէն երկու ամիս է, որ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը կը գտնուի փաստացի շրջափակման մէջ. սնունդի եւ դեղորայքի մատակարարումները գրեթէ ամբողջութեամբ դադրեցուած են։

Ընդգծուած է, որ ցրտաշունչ ձմրան պայմաններուն Ատրպէյճանի կողմէ կազամատակարարման կանխամտածուած պարբերական անջատումները, Լեռնային Ղարաբաղի ողջ տարածքի ելեկտրականութեան միտումնաւոր խափանումը, գոյատեւման համար անտանելի պայմաններու ստեղծումը ունի մէկ նպատակ՝ ստիպել Արցախի հայ բնակչութիւնը լքել իրենց տուները եւ զրկել անոնց հայրենիքի մէջ ապրելու իրաւունքէն։

ՀՀ մշտական ներկայացուցիչը իր խօսքին մէջ նշած է, որ Ատրպէյճանի այն պնդումները, թէ իբր Լաչինի միջանցքով ազատ տեղաշարժը կ'ապահովուի, իրականութեան չեն համապատասխաներ։

Կոչ ընելով Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) անդամ պետութիւններուն աւելցնելու Ատրպէյճանի վրայ ճնշումը՝ դեսպան Պապիկեան բարձր գնահատած է մինչ այժմ ԵԱՀԿ շարք մը մասնակից երկիրներու յստակ յայտարարութիւններն ու դիրքորոշումները, որոնք կոչ կ'ընեն Ատրպէյճանին անյապաղ եւ առանց նախապայմաններու վերացնելու շրջափակումը եւ երաշխաւորելու Լաչինի միջանցքով ազատ ու անարգել տեղաշարժը, որ սակայն բաւարար չէ։

Դեսպան Պապիկեան շեշտած է, որ հրամայական է տեղւոյն վրայ մարդասիրական իրավիճակը գնահատելու եւ նոր յարձակումը կանխարգիլելու նպատակով Լեռնային Ղարաբաղ եւ Լաչինի միջանցք միջազգային փաստահաւաք առաքելութեան գործուղումը։

Արմէն Պապիկեան աւելցուցած է, որ, խախտելով միջազգային մարդասիրական իրաւունքի չափանիշերն ու նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութիւնը, Ատրպէյճանը կը շարունակէ պատանդառութեան մէջ պահել հայ ռազմագերիները եւ քաղաքացիական անձանց, իսկ բազմաթիւ բռնի անհետ կորսուածներու ճակատագրերը կը մնան անյայտ։ Կը շարունակուի ատրպէյճանական վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներու Արցախի հայկական պատմամշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան ոչնչացումը: ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի փաստահաւաք առաքելութեան գործուղումը Լեռնային Ղարաբաղ եւ յարակից տարածքներ դեռ կը մերժուի Ատրպէյճանի կողմէ: