Մահացու վիրաւորում ստացած են աւագ գնդապետ Գարուշ Վեմիրի Համբարձումեանը եւ հրամանատար Սոս Փայլակի Էլբակեանը․ ՀՀ ՊՆ

2020-07-14
Image

Երկու նահատակներ միացան մեր ժողովուրդի փառքը  հիւսող հազարաւոր նուիրեալներու փաղանգին։

Զոհուած են Աւագ Գնդապետ Գարուշ Վէմիրի Համբարձումեանը եւ Հրամանատար Սօս Փայլակի Էլբակեանը։

Այս մասին տեղեկութիւնը յայտնած է ՀՀ ՊՆ մամլոյ  խօսնակ՝ Շուշան Ստեփանեանը։

Ստեփանեան մասնաւորապէս գրած է ՝

«Հայ-ատրպէյճանական պետական սահմանագօտիի հիւսիս-արեւելեան հատուածին վրայ՝ հակառակորդին արձակած կրակոցէն զոհուած են զինծառայողներ աւագ գնտապետ Գարուշ Վեմիրի Համբարձումեանը եւ հրամանատար Սոս Փայլակի Էլբակեանը:

Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակացութիւնը կը յայտնէ զոհուած զինծառայողներու ընտանիքներու անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն»։