Մայիս 4-ին տեղի պիտի ունենայ Արցախեան պատերազմի ընթացքին գերեվարուած վարձկաններու դատական առաջին նիստը

2021-04-29
Image

Մայիսի 4-ին, ժամը 11։30-ին Սիւնիքի մարզի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ Արցախի դէմ ռազմական գործողութիւններուն ներգրաւուած վարձկան 2 ահաբեկիչի դատական առաջին նիստը: Այս մասին հաղորդած են Դատախազութեան Հանրային կապերու բաժնէն։

Յիշեցնենք, որ 27 Ապրիլին Սիւնիքի մարզի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանին մէջ տեղի ունեցած նիստին  դատարանի որոշմամբ երկու վարձկան ահաբեկիչներու խափանման միջոց կալանքը մնացած է անփոփոխ: