Մենք պէտք է օգնենք Արցախի ժողովուրդին, կեանքեր վտանգուած են. Լոս Անճելոսի քաղաքապետ

Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Քերըն Պաս կոչ ըրած է դադրեցնելու Լաչինի միջանցքի արգելափակումը:
Այս մասին քաղաքապետ Քերըն Պաս գրառում կատարած է «Թուիթըր»-ի իր էջին:
«Ես կանգնած եմ Լոս Անճելըսի հայկական համայնքի կողքին՝ կոչ ընելով դադրեցնելու Լաչինի միջանցքի արգելափակումը: Մենք պէտք ցոյց տանք մեր նուիրուածութիւնը ազատութեան՝ օգնելով Արցախի ժողովուրդին: Սա ճգնաժամ է, եւ անգործութեան պարագային այդ ճգնաժամը աւելի պիտի սրի: Կեանքեր վտանգուած են»,- գրած է Պաս: