Մեքսիքայի Սենատը ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը

8 Փետրուարին Մեքսիքայի Սենատը ընդունեց փաստաթուղթ, որով կը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը՝ վկայակոչելով մարդու համընդհանուր իրաւունքներու պաշտպանութեան անհրաժեշտութիւնը։ Այս մասին կը տեղեկացնեն Մեքսիքայի մէջ Հայաստանի դեսպանութենէն։
Միաժամանակ, Սենատը յորդորած է Արտաքին յարաբերութիւններու քարտուղարութիւնը՝ աջակցելու Մեքսիքայի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչման։