Միրզոյեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը ժամանեց Անգարա

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը ժամանած է Թուրքիոյ մայրաքաղաք Անգարա: Անգարայէն հաղորդած է «Արմէնփրէս»-ի թղթակիցը:
ՀՀ արտաքին գործոց նախարարի գլխաւորած պատուիրակութեան կազմին մէջ է նաեւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման բանակցութիւններուն մէջ Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչ, ՀՀ Ազգային ժողովի փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեանը:
Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի այցը նպատակ ունի ցոյց տալ Հայաստանի աջակցութիւնը 6 փետրուարի աւերիչ երկրաշարժէն մեծամաշտապ վնասներ կրած Թուրքիոյ։