Միրզոյեանն ու Լաւրովը քննարկած են հայ-ատրպէյճանական կարգաւորման հարցը

2023-02-10
Image

Հայաստանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Արարատ Միրզոյեանն ու Սերգէյ Լաւրովը քննարկած են հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման խնդիրները։

Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտաքին գործոց նախարարութենէն յայտնած են, որ հայկական կողմի նախաձեռնութեամբ այսօր՝ 10 փետրուարին, տեղի ունեցած է հեռախօսազրոյց, որու ընթացքին նախարարները միտքեր փոխանակած են երկկողմ օրակարգի շարք մը արդիական հարցերու շուրջ՝ յայտնելով Երեւանի եւ Մոսկուայի միջեւ դաշնակցային յարաբերութիւններու ամրապնդման փոխադարձ պատրաստակամութիւնը:

Ռուսական կողմը կարեւորած է ամենաբարձր մակարդակով ստորագրուած եռակողմ համաձայնագրերու կատարման աշխատանքներու արագ վերսկսումը՝ ներառեալ բոլոր փոխադրային եւ տնտեսական կապերու ապաշրջափակումը, հայ-ատրպէյճանական սահմանի սահմանազատումն ու սահմանագծումը, Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի յարաչափերու համաձայնեցումը: