Մոսկուան դարձեալ քննադատած է Հայաստանի մէջ ԵՄ առաքելութիւն տեղակայելու որոշումը

Եւրոմիութեան գործողութիւնները ուղղուած են Ռուսիան հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացէն հեռացնելուն, ատրպէյճանական «Haqqin» հարթակին տուած հարցազրոյցին ըսած է Ատրպէյճանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Միխայիլ Պոչարնիքովը։
«Կը կարծեմ, որ մենք պէտք չէ խաբուինք «քաղաքացիական առաքելութիւն» (նկատի ունի ԵՄ քաղաքացիական դիտորդական առաքելութիւնը, որ պէտք է տեղակայուի Հայաստանի մէջ-Խմբ.) եզրոյթէն։ Դուք ըսիք, որ հիմքեր կան ենթադրելու, որ այն ամբողջովին քաղաքացիական պիտի չըլլայ։ Լսած եմ՝ արդէն կը խօսուի, որ ֆրանսացի ոստիկանականներ պիտի ընդգրկուին այս առաքելութեան կազմին մէջ»,- նշած է Պոչարնիքովը։
23 Յունուարին Եւրոմիութեան խորհուրդը որոշում ընդունած է Հայաստանի մէջ երկու տարի ժամկէտով Եւրոպական միութեան քաղաքացիական նոր առաքելութիւն ստեղծելու մասին։ Առաքելութեան յստակ յարաչափերը պիտի որոշուին յառաջիկային։
«Այդ առաքելութեան՝ հնարաւոր ռազմական բաղադրիչներով որոշակի ներկայութեան վերածուելու հաւանականութիւնը, ինչպէս նաեւ հաւանականութիւնը առ այն, որ այս առաքելութիւնը պիտի սկսի աչք դնել Ղարաբաղի տարածքին, որ կը նկատուի անոր մանթատի խախտում, կը ստիպէ մեզ ըսել, որ վտանգներ կան»,- նշած է ռուս դիւանագէտը։
Անոր խօսքով՝ եթէ փորձեր ըլլան ընդլայնելու այդ առաքելութեան ներկայութիւնը Ղարաբաղի մէջ, այդ կրնայ խնդիրներ առաջացնել տարածաշրջանին մէջ ներկայ ռուս խաղաղապահներու եւ սահմանապահներու համար։
«Նման խնդիրները անվտանգութեան վտանգ են ամբողջ տարածաշրջանին մէջ, ամբողջ Հարաւային Կովկասի մէջ: Մեզի՝ այս տարածաշրջանի բաղկացուցիչ միաւորներուն, այս տարածաշրջանի բնակիչներուն, արտատարածաշրջանային ուժեր պէտք չեն՝ այստեղ մեր խնդիրները լուծելու համար»,- ընդգծած է Պոչարնիքով։
Ան աւելցուցած է, որ Հարաւային Կովկաս արտատարածաշրջանային գործօն մտցնելու հիմքեր չկան։
«Սակայն Եւրոմիութիւնը ճիշդ այդ կը հետապնդէ: Աւելին, ան այդ կ'ընէ շատ անփոյթ, առանց Ատրպէյճանի հետ համաձայնեցնելու։ Ի հարկէ, Եւրոմիութիւնը այս հարցով կարծես Միացեալ Նահանգներու եւ ՆԱԹՕ-ի ուղղակի կցորդն է, որոնք Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան (ԱՊՀ) տարածքը կը դիտարկեն որպէս Ռուսիոյ հակադրութեան գօտի եւ իրականութեան մէջ կը փորձեն աշխարհաքաղաքական բաղադրիչ ներմուծել այստեղ՝ տարածաշրջանային այս իրավիճակին մէջ», -ըսած է Ռուսիոյ դեսպանը։