Մոսկուա անընդունելի կը նկատէ Հռոմի կանոնադրութեան միանալու՝ Երեւանի ծրագիրները

Մոսկուա բացարձակապէս անընդունելի կը նկատէ Միջազգային քրէական դատարանի Հռոմի կանոնադրութեան միանալու Երեւանի ծրագիրները՝ Ռուսիոյ ղեկավարութեան վերաբերող «ողորմելի հրամաններու պարունակին մէջ»: Այս մասին 27 Մարտին ռուսական «Թասս» գործակալութեան յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան աղբիւրը:
«Մոսկուայի մէջ բացարձակապէս անընդունելի կը նկատեն Միջազգային քրէական դատարանի Հռոմի կանոնադրութեան միանալու՝ պաշտօնական Երեւանի ծրագիրները՝ Ռուսիոյ ղեկավարութեան դէմ դատարանի վերջին անօրինական եւ իրաւաբանօրէն անվաւեր «հրաման»ի պարունակին մէջ», յայտնած է աղբիւրը:
Ըստ «Թասս»ի՝ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան աղբիւրը հաղորդած է, որ հայկական կողմը զգուշացուած է Մոսկուայի հետ երկկողմ յարաբերութիւններուն համար Երեւանի հնարաւոր քայլերու «չափազանց բացասական» հետեւանքներէն:
Յիշեցնենք, որ օրերս Հաագայի միջազգային քրէական դատարանը Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի, ինչպէս նաեւ Երեխաներու իրաւունքներու յանձնակատար Մարիա Լվովա-Պելովայի կալանաւորման միջազգային հրամաններ տուած է։ Միջազգային քրէական դատարանը պարզաբանած է, որ Փութինն ու Լվով-Պելովան կը կասկածուին ուքրանացի երեխաներու ապօրինի արտաքսման մէջ։