Յուզիչ է տեսնել, թէ ինչպէս մէկ կողմ դրուած է տասնամեակներու թշնամանքը. Սամաթա Փաուըր

Յուզիչ է տեսնել, թէ ինչպէս մէկ կողմ դրուած է տասնամեակներու թշնամանքը՝ օգնելու յուսահատ, կարիքի մէջ գտնուող մարդոց, Թուիթըրի իր էջին գրած է Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան տնօրէն Սամաթա Փաուըր՝ անդրադառնալով Թուրքիա մարդասիրական օգնութիւն ուղարկելու Հայաստանի քայլին։
Փաուըր փաստած է՝ 35 տարուան մէջ առաջին անգամ բացուած է Հայաստանի եւ Թուրքիոյ սահմանային անցակէտը, որ օգնութիւնը հասնի երկրաշարժէն տուժածներուն: «Հայաստանը կ'ուղարկէ 100 թոն բեռ եւ որոնողափրկարարական խումբ», - գրած է Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան տնօրէնը։
Հայաստանը Թուրքիոյ կապող ամենակարճ ճանապարհով՝ 1993-էն փակուած Մարգարայի կամուրջով, 11 փետրուարին 100 թոն մարդասիրական բեռ ուղարկեց աղէտի գօտի՝ շուրջ 600 քիլոմեթր հեռու Ատիյաման։ Այս քաղաքին մէջ կ'աշխատի հայ փրկարարներու 27 հոգինոց խումբը։