Ներկայիս տեղային նշանակութեան մարտեր կ'ընթանան ճակատային գիծի բոլոր ուղղութիւններով. ՊԲ
Գիշերուայ ընթացքին արցախ-ատրպէյճանական հակամարտութեան գօտիին վրայ պահպանուած է յարաբերական կայուն-լարուած իրադրութիւնը: Առանձին հատուածներու մէջ շարունակուած են հրետանային մենամարտերն ու փոխհրաձգութիւնները:
Երեկոյեան, հերթական անգամ կոպտօրէն խախտելով միջազգային մարդասիրական իրաւունքի չափանիշերը, թշնամական ուժերը հրետակոծած են խաղաղ բնակավայրերը, որոնց շարքին՝ մայրաքաղաք Ստեփանակերտը:
Ներկայիս տեղային նշանակութեան մարտեր կ'ընթանան ճակատային գիծի բոլոր ուղղութիւններով:
ՊԲ ստորաբաժանումներու յաջողութեամբ կը կանխեն հակառակորդի յարձակողական գործողութիւնները՝ վերահսկողութեան ներքոյ պահելով մարտավարական իրադրութիւնը: