Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Վլատիմիր Փութինի հետ

2021-10-07
Image

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր հեռախօսազրոյց ունեցած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ:

Փաշինեան շնորհաւորած է Փութինը ծննդեան տարեդարձին առթիւ, մաղթած՝ քաջառողջութիւն և անսպառ եռանդ՝ պետութեան ղեկավարի բարձր պաշտօնի բոլոր ծրագրերոն եւ նպատակներու իրագործման համար:

Վարչապետ Փաշինեան ընդգծած է՝ Հայաստանը եւ հայ ժողովուրդը բարձր կը գնահատեն Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի ջանքերը եւ բացառիկ դերակատարումը տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան պահպանման գործին մէջ եւ երախտագիտութիւն յայտնած մեր երկրին նկատմամբ ցուցաբերուող ուշադրութեան համար:

Փութին իր կարգին ընդգծած է, որ Ռուսաստանը մեծապէս կը կարեւորէ ռազմավարական դաշնակից Հայաստանի հետ սերտ համագործակցութիւնը:

Զրուցակիցները քննարկած են հայ-ռուսական յարաբերութիւններու օրակարգին վերաբերող հարցեր: Անդրադարձ կատարուած է տարածաշրջանին մէջ տիրող իրավիճակին եւ տեղի ունեցող զարգացումներուն: