Նիկոլ Փաշինեան պիտի մասնակցի Միւնիխի Անվտանգութեան Համաժողովին

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պիտի մեկնի Գերմանիա՝ մասնակցելու Միւնիխի անվտանգութեան համաժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ փետրուար 17-19-ին։
Եռօրեայ տարեկան համաժողովին պիտի մասնակցին ԱՄՆ փոխնախագահ Քամիլա Հարիսը, Չինաստանի բարձրաստիճան դիւանագէտ Վան Ինը, Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցը, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը եւ ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղար Ենս Սթոլթենպըրկը:
Ատրպէյճանական լրատուամիջոցները յայտնած են, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ եւս պիտի մասնակցի Միւնիխի անվտանգութեան համաժողովին։