Նորօրեայ հերոսներ․ որո՞նք կը պարգեւատրուին «Մարտական ծառայութիւն» մետալով

2020-10-20
Image

Արցախի ՊԲ-ն կը շարունակէ ներկայացնել նորօրեայ հերոսները, որոնք պատերազմի ընթացքին աչքի ինկած են առանձնակի առաջադիմութեամբ ու յաջողութիւններով:

Ըստ ՊԲ-ի, անշուշտ այս պատերազմի արդիւնքներու վերլուծութիւններուն մէջ առանձնայատուկ բարձր գնահատականներ պիտի տրուին ՊԲ հրետանաւորներու գրագէտ գործողութիւններուն: Վերջիններս կ'իրականացնեն այնպիսի գործողութիւններ, որոնք նախատեսուած չեն եղած նոյնիսկ զօրատեսակի պատրաստութեան ծրագրերով:

Նման հրետանաւորներէն է խումբի հրամանատար, փոխգնդապետ Արսէն Յակոբեանը՝ իր ենթականերուն հետ: Վերջիններս, ի թիւս բազմաթիւ այլ յաջող գործողութիւններու, 7 հոկտեմբերին խոցած են թշնամիի 1 Տ-90 հրասայլ: Արսէն Յակոբեանը ներկայացուած է «Մարտական ծառայութիւն» մետալի: Նոյն կարգի մետալի ներկայացուած է շարքային Վաչական Մովսիսեանը՝ մարտական դիրքը «Տրոպա» եւ այլ յատուկ միջոցներ օգտագործելով գրաւել փորձող թշնամական ուժերուն յաջողութեամբ դիմագրաւելու եւ յամառ գործողութիւններու շնորհիւ կասեցնելու համար:

Հակառակորդի դիրքեր գրաւելու, թշնամական մեծ քանակութեամբ կենդանի ուժ, զէնք-զինամթերք ու սպառազինութիւն ոչնչացնելու համար «Մարտական ծառայութիւն» մետալներով կը պարգեւատրուին սերժանթ Տիգրան Գրիգորեանը, սերժանթ-պայմանագրային Սեւակ Աթայեանը, կրտսեր սերժանթներ Գէորգ Աթանէսեանը, Սեւադա Սիրունեանն ու Դաւիթ Ասոյեանը, շարքային-պայմանագրային Տիգրան Պաղտասարեանը, աւագ լեյտենանտ Գէորգ Աթանէսեանը, պայմանագրային զինծառայող Սեւադա Յովսէփեանը, շարքայիններ Ռազմիկ Մադաթեանը, Կառլէն Առաքէլեանը, Ռուբէն Գէորգեանը, Նարեկ Աւետիսեանը, Սամուէլ Պապայեանը, հրամանատարներ Սերոբ Մելքոնեանն ու Ալեքսանդր Աւագիմեանը, աւագ լեյտենանտ Զոհրապ Գաբրիէլեանը:

Փառք մեր հերոս տղաներուն: