Պայտըն երկարաձգած Է Թուրքիոյ դէմ 2019-ին սահմանուած պատժամիջոցները

2021-10-09
Image

Միացեալ Նահանգներու նախագահ՝ Ճօ Պայտըն մէկ տարիով երկարաձգած է Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցները, որոնք սահմանուած էին 2019-ին: Այս մասին գրած է Еrmenihaber-ը։

Պայտընի յայտարարութեան մէջ ըսուած է, որ Թուրքիոյ ռազմական գործողութիւնները Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքի մէջ կը խոչընդոտեն «Իսլամական պետութիւն»-ի  (ԻՊ) ահաբեկչական կազմակերպութեան դէմ պայքարը, ինչպէս նաեւ սպառնալիք կը ստեղծեն քաղաքացիական անձերու համար։ Նաեւ նշուած է, որ Թուրքիոյ գործողութիւնները կը սպառնան տարածաշրջանային անվտանգութիւնն ու խաղաղութիւնը:

Աղբիւրը յիշեցուցած է, որ 2019-ի պատժամիջոցներու համար պատճառ դարձած  էին սուրիացի քրտերու դէմ Թուրքիոյ ռազմական գործողութիւնները։

Պատժամիջոցներու ենթարկուած էին Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար՝ Հուլուսի Աքարը եւ ներքին գործոց նախարար՝ Սուլէյման Սոյլուն:

Միւս կողմէ, Թուրքիան Միացեալ Նահանգներէն կը ցանկայ գնել 40 միաւոր F-16 կործանիչ: Այդ մասին յայտնած են թրքական լրատուամիջոցները՝ յղում ընելով «Reuters» լրատուական գործակալութեան: Թուրքիան այդ հարցով արդէն դիմած է ԱՄՆ-ին:

Գործակալութեան տեղեկութիւններով՝ հնարաւոր գործարքը կը գնահատուի 1 միլիառ տոլար: Այս պահուն Թուրքիոյ դիմումը կ’ուսումնասիրուի Պետական բաժանմունքին եւ Փենթակոնի միջազգային պայմանագիրներու հարցերով զբաղող վարչութեան կողմէ:

Չնայած այդ ամէնուն՝ նշուած է, որ եթէ Փենթակոնը եւ Պետական բաժանմունքը հաւանութիւն տան գործարքին, միեւնոյնն է, մեծ է հաւանականութիւնը, որ Քոնկրէսը մերժէ զայն, քանի որ կան շարք մը պատճառներ:

Որպէս պատճառ առաջ կը քշուի այն, որ Թուրքիան Ռուսաստանէն ձեռք բերած է S-400 զենիհրթիռային ՀՕՊ համակարգեր, որու հետեւանքով թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւնները մօտիկ անցեալին ճգնաժամի մէջ էին:

Ռուսական «ԹԱՍՍ» լրատուական գործակալութիւնը դիմած է Պետական քարտուղարութիւն՝ որոշ մանրամասնութիւններ իմանալու համար, սակայն գերատեսչութենէն որեւէ պատասխան չէ ստացած:

Յիշեցնենք, որ ԱՄՆ ու Թուրքիան պայմանագիր կնքած էին ամերիկեան  գերժամանակակից F-35 կործանիչներու  ծրագրի վերաբերեալ, սակայն ամերիկեան կողմը Անգարային դուրս ձգեց այդ ծրագիրէն եւ այդպէս ալ չմատակարարեց այն 100 միաւոր կործանիչները որոնք նախատեսուած էին: