Պապիկեան եւ Շոյկու քննարկած են տարածաշրջանային անվտանգութեան հարցեր

2023-02-10
Image

Հայաստանի եւ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարներ Սուրէն Պապիկեանը եւ Սերգէյ Շոյկուն քննարկած են տարածաշրջանային անվտանգութեան վերաբերող հարցեր:

ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ հեռախօսազրոյցի ընթացքին երկու երկիրներու նախարարները անդրադարձած են նաեւ երկկողմ հետաքրքրութիւն ներկայացնող, պաշտպանական համագործակցութեան առնչուող շարք մը հարցերու։