Պատրաստ ենք Ատրպէյճանի, Հայաստանի եւ Ռուսիոյ ԱԳ նախարարներու յետաձգուած հանդիպման շուտափոյթ կայացման. Պայրամով

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով այսօր ըսած է, որ պատրաստ է հանդիպելու Հայաստանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարներու հետ:
«Մենք պատրաստ ենք որքան հնարաւոր է շուտ կայացնելու Հայաստանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Արարատ Միրզոյեանի եւ Սերգէյ Լաւրովի յետաձգուած եռակողմ հանդիպումը: Այժմ ամէն ինչ կախեալ է հակառակ կողմէն»,- Ինթըրֆաքս Ատրպէյճանի հաղորդմամբ՝ լրագրողներուն ըսած է Ճէյհուն Պայրամովը:
Ըստ անոր՝ խաղաղութեան օրակարգի առաջմղումը միշտ եղած է Ատրպէյճանի նախաձեռնութիւնը:
«Մեր բոլոր հիմնարար սկզբունքները ներկայացուած են Հայաստանին»,- ըսած է Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարը: