Պէտք է աշխատինք ի շահ Հայաստանի եւ Ռուսաստանի. Ալեն Սիմոնեան

2021-10-07
Image

Պաշտօնական այցով Ռուսաստան գտնուող Ազգային Ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեան ՌԴ Դաշնային Ժողովի Դաշնութեան խորհուրդի նախագահ Վալենթինա Մաթվիենքոյի հետ հանդիպումէն ետք հարցազրոյց տուած է «Вместе» հեռուստանախագիծին: 

Ալեն Սիմոնեան շեշտած է, որ սա իր առաջին պաշտօնական արտասահմանեան այցն է ՀՀ ԱԺ նախագահի պաշտօնով, եւ իրեն համար շատ կարեւոր է, որ այդ այցը Ռուսաստան է, որու հետ Հայաստանը ունի դաշնակցային եւ բարեկամական յարաբերութիւններ եւ որ ամէն ինչ պէտք է ընել, որ մեր աշխատանքները շարունակական ըլլան՝ ի շահ Հայաստանի եւ Ռուսաստանի: 

Խօսելով խորհրդարանական յառաջիկայ աշխատանքներուն եւ հիմնական նպատակներուն մասին՝ Ազգային Ժողովի նախագահը կարեւորած է յատկապէս միջազգային հարթակներու վրայ տարբեր երկիրներու հետ Հայաստանի համագործակցութիւնը: 

Պատասխանելով այն հարցին, թէ ինչ աշխատանքներ կը տարուին Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ հանդիսացող Հայաստանի խորհրդարանին մէջ մաքսային դժուարութիւնները յաղթահարելու եւ առեւտրաշրջանառութիւնը զարգացնելու ուղղութեամբ, Ալէն Սիմոնեան ըսած է, որ տուեալ պահուն աշխատանքներ կ'իրականացուին երկու օրէնսդրական նախաձեռնութիւններու շուրջ: Անոր խօսքով՝ նախնական բոլոր պայմանաւորուածութիւնները թէ՛ հայկական եւ թէ՛ ռուսական կողմէ վաղուց հաստատուած են, բայց աշխարհը արագ կշռոյթներով կը զարգանայ, եւ անընդհատ նոր փոփոխութիւններու կարիք կայ:

Ազգային ժողովի նախագահը շեշտած է նաեւ Ռուսիոյ մէջ հայ համայնքին կարեւորութիւնը: Սիմոնեանի խօսքով՝ Հայաստանի բնակչութեան մեծ մասը կը տիրապետէ ռուսաց լեզուին, եւ այդ է պատճառը, որ ռուսաստանցի զբօսաշրջիկները Հայաստանի մէջ կը զգեն՝ ինչպէս իրենց տան մէջ: «Հայաստանը Ռուսաստանի համար շատ յարմար զբօսաշրջային ուղղութիւն է, որովհետեւ մեր երկրին մէջ, նախ՝ լեզուի խնդիր չկայ, երկրորդ՝ Հայաստանը հանգիստ երկիր է: Ռուսաստանէն եկած զբօսաշրջիկը պէտք է միշտ իմանայ, որ Հայաստանը այն վայրն է, ուրմիշտ կարելի է վերադառնալ», ըսած է Ալեն Սիմոնեան: