Պիտի վերականգնուի Հայաստան-Ռուսաստան կանոնաւոր թռիչքները

2021-01-22
Image

Մօտ օրերս Ռուսաստանի Դաշնութեան հետ կանոնաւոր չուերթները պիտի վերականգնուին։ Այս մասին դիմատետրեան իր էջին գրած է «Արմենիա» օդանաւային ընկերութեան փոխտնօրէն Գէորգ Խաչատրեանը:

«Մօտ օրերս, հաւանաբար մինչեւ այս ամսուայ վերջ, ՌԴ հետ կանոնաւոր չուերթները կը վերականգնուեն եւ ՀՀ քաղաքացիները կարող են Covid 19 քննութեան բացասական արդիւնք ունենալու պարագայում անարգել մուտք գործել ՌԴ տարածք»,- գրած է ան։