ՊՆ-ն հրապարակած է 28 Յուլիսին զոհուած զինծառայողներու անունները

2021-07-28
Image

28 Յուլիսի գիշերը ատրպէյճանական զինուած ուժերու կողմէ իրականացուած սադրանքին դիմակայելու ընթացքին զոհուած են աւագ լեյտենանտ Հայկ Յովհաննէսի Գէորգեանը, շարքային Կորիւն Արայիկի Յարութիւնեանը եւ շարքային Դաւիթ Գառնիկի Քոչարեանը։

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ զօրակցութիւն կը յայտնէ զոհուած զինծառայողներու ընտանիքներու անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն։

Մարտական գործողութիւններու ընթացքին հրազէնային վիրաւորում ստացած է ՀՀ ԶՈՒ երեք զինծառայող։ Անոնց առողջական վիճակի մասին տեղեկատուութիւն պիտի տրամադրուի քիչ աւելի ուշ։