ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչները հանդիպում ունեցան ՀՀ ԱԺ Նախագահ Ալեն Սիմոնեանի հետ

Չորեքշաբթի՝ 29 Յունիս, 2022-ին, ՀՀ ԱԺ նախագահ Ալեն Սիմոնեանը ընդունեց Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Ընկ. Մայք Խարապեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
ՀՀ ԱԺ նախագահը շնորհաւորեց պատուիրակները Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան 100-ամեակի առթիւ` մաղթելով աշխոյժ եւ արդիւնաւէտ գործունէութիւն: Ալեն Սիմոնեանն ընդգծեց մէկդարեայ կուսակցութեան կենսունակութեան եւ աւանդոյթներու պահպանման կարեւորութիւնը եւ ժողովրդավարական արժէքներուն հաւատարիմ մնալը:
ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամները շնորհակալութիւն յայտնեցին օրերս ԱԺ բակին մէջ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան հիմնադրման 100-ամեայ յոբելեանին նուիրուած միջոցառմանն աջակցելու համար:
Մտքեր փոխանակուեցան Հայկական սփիւռքի մէջ` ներառեալ Մերձաւոր Արեւելքը, Եւրոպան, Ամերիկան եւ Աւստրալիան, Ռամկավար ազատական կուսակցութեան պատմական եւ ներկայ գործունէութեան ու ծրագրերու շուրջ:
Հանդիպման աւարտին ՌԱԿ ատենապետ Ընկ. Մայք Խարապեանը կուսակցութեան 100-ամեայ խորհրդանշական յուշամետալ նուիրեց ՀՀ ԱԺ նախագահ Ալեն Սիմոնեանին: