Ռիքըր կը լքէ Կովկասի մէջ իր պաշտօնը, սակայն ԱՄՆ դիրքորոշումը այդպիսով չի փոխուիր. Փրայս

ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի ԱՄՆ համանախագահ, Կովկասեան բանակցութիւններու հարցերով աւագ խորհրդական Ֆիլիփ Ռիքըր կը հեռանայ պաշտօնէն։ Այս մասին ամենօրեայ ճեպազրոյցի ընթացքին տեղեկացուցած է ԱՄՆ Պետական բաժանմունքի մամուլի խօսնակ Նետ Փրայսը։
«Այսօր մենք կը յայտարարենք դեսպան Ֆիլիփ Ռիքըրի պաշտօնաթողութեան մասին որպէս Կովկասեան բանակցութիւններու աւագ խորհրդական։ Անոր աշխատանքը այս պաշտօնին նպաստած է Կովկասեան բարդ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան կառուցման գործընթացին։ Անոր ներդրումը կը վերահաստատէ այն, որ ԱՄՆ-ն կը կարեւորէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի երկկողմ բանակցութիւնները կայուն խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ մեր առաջնահերթութիւնը Վրաստանի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան պահպանման հարցով։
Դեռ նախորդ տարի, երբ դեսպան Ռիքըր նշանակուեցաւ այս պաշտօնին, գիտէինք, որ այն կարճաժամկէտ պիտի ըլլայ։ Անոր հեռանալը որեւէ կերպ չի խաթարեր Կովկասի մէջ խաղաղութեան, անվտանգութեան, կայունութեան, ժողովրդավարութեան եւ զարգացման հարցով ԱՄՆ-ի յանձնառութիւնը։ Պիտի շարունակենք ներգրաւուած մնալ երկկողմ շփումներուն մէջ, այդ շարքին ԵՄ-ի եւ ԵԱՀԿ-ի հետ միասին, աջակցելու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ուղիղ երկխօսութեան կայացման եւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան վերաբերող կամ անկէ բխող խնդիրներու լուծումները գտնելու գործին»,-ըսած է Փրայս: