Փութին եւ Ալիեւ 20 Յուլիսին պիտի քննարկեն Լեռնային Ղարաբաղի հարցը

2021-07-19
Image

Ռուսաստանի Դաշնութեան մայրաքաղաք Մոսկուայի մէջ 20 Յուլիսին տեղի պիտի ունենան ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի բանակցութիւնները: Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է Քրեմլի մամուլի ծառայութիւնը:

«Կը նախատեսուի կարծիքներու փոխանակում տարածաշրջանային արդիական խնդիրներու շուրջ: Հիմնական ուշադրութիւն պիտի դարձուի Լեռնային Ղարաբաղի հարցով Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի եւ 2021 թուականի Յունուար 11-ի պայմանաւորուածութիւններու իրագործման գործնական քայլերուն, այդ շարքին ՝ տնտեսական եւ փոխադրային կապերու ապաշրջափակման եւ զարգացման խնդիրներու լուծման»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: