Ֆրանսայի ԱԳՆ–ն յայտարարած է, որ ՀՀ–ի վերաբերեալ բանաձեւը Փարիզի պաշտօնական դիրքորոշումը չէ

2022-12-02
Image

Ֆրանսայի խորհրդարանի Ստորին պալատի ընդունած բանաձեւի բովանդակութիւնը երկրի կառավարութեան պաշտօնական դիրքորոշումը չէ։ Այս մասին յայտարարած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը։

«Ֆրանսայի կառավարութեան դիրքորոշումը յայտնի է եւ բազմիցս արտայայտուած է նախարարի կողմէն, մասնաւորապէս` անցեալ տարուայ 29 նոյեմբերին։ Ֆրանսան կը շարունակէ կողմերը յորդորել առաջ շարժիլ բանակցութիւններուն մէջ` օգտուելով խաղաղութեան հնարաւորութիւնէն»,– շեշտած է գերատեսչութիւնը։

Ֆրանսայի ԱԳՆ յայտարարութեամբ նշուած է նաեւ, որ ճիշդ այս ոգիով Ֆրանսայի նախագահը Փրակի մէջ կայացուցած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու հանդիպումը, որ յանգեցուցած է Հայաստանի տարածքին ԵՄ դիտորդներու առաքելութեան ծաւալման։