Ֆրանսայի Ազգային ժողովի նախագահը ժամանեց Հայաստան

ՀՀ ԱԺ նախագահ Ալեն Սիմոնեանի հրաւէրով Երեւան ժամանած է Ֆրանսայի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Եաէլ Պրաուն-Փիւէն: Այս մասին յայտնած են ՀՀ ԱԺ-էն:
Ֆրանսայի ԱԺ նախագահի գլխաւորած պատուիրակութեան կազմին մէջ են Ազգային ժողովի փոխնախագահ Վալերի Ռապոն, Արտաքին գործերու յանձնաժողովի նախագահ Ժան-Լուի Պուրլանժը, Ֆրանսայէն դուրս բնակող ֆրանսացիներու հարցերով պատգամաւոր Անն Ժընըթէն, Պուշ-տիւ-Ռոն բաժնի պատգամաւոր Անն-Լորանս Փեփելը:
ՀՀ ԱԺ նախագահ Ալեն Սիմոնեանը «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ դիմաւորած է Եաէլ Պրաուն-Փիւէն:
Ֆրանսացի բարձրաստիճան հիւրերու երկօրեայ այցի օրակարգը յագեցած է: Կը նախատեսուին հանդիպումներ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաներու հետ, Ազգային ժողովի մէջ ընդլայնուած կազմով հանդիպում պատգամաւորներու հետ: Հիւրերու օրակարգին մէջ է նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր այցը: Կը նախատեսուի նաեւ ՀՀ ԱԺ նախագահ Ալեն Սիմոնեանի եւ Ֆրանսայի Ազգային ժողովի նախագահ Եաէլ Պրաուն-Փիւէի համատեղ մամուլի ասուլիսը: