Ֆրանսայի Ազգային Ժողովի նախագահը Հայաստան պիտի այցելէ

Ֆրանսայի Ազգային ժողովի նախագահ Եաէլ Պրաուն-Փիւէն յաջորդ շաբաթ պիտի ժամանէ Հայաստան: Այս մասին պաշտօնեան յայտնած է Թուիթըրի էջին միջոցաւ՝ կից գրելով, որ Սուրբ Ծննդեան տօներուն իր միտքերը ուղղուած են բոլոր հայերուն, որոնց յոյսի եւ խաղաղութեան մաղթանքներ կը յղէ:
Ան տեղեկացուցած է նաեւ, որ պատուիրակութեան կազմին մէջ պիտի ըլլան Վալերի Ռապոն, Ժան Լուի Պուրլանժը եւ այլք: Անոնք կու գան՝ վերահաստատելու Ֆրանսայի խորհրդարանի աջակցութիւնը։