Ֆրանսան կ'աջակցի հայ-ատրպէյճանական բանակցութիւններու վերսկսման հնարաւորութեան. ԱԳՆ խօսնակ

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Անն-Քլեր Լեժանտրը RTVI News-ին տուած հարցազրոյցին խօսած է Լաչինի միջանցքը ապաշրջափակելու Ֆրանսայի ջանքերու մասին։
«Այսօր մենք չափազանց մտահոգուած ենք Լաչինի միջանցքի շրջափակմամբ։ Մենք անընդհատ կը պահանջենք, որ այդ միջանցքը ապաշրջափակուի, որ բնակչութեան մարդասիրական պարէնային օգնութիւն հասցուի։ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական լուրջ ճգնաժամի իրական վտանգ կայ։ Բացի այդ, մենք կ'աջակցինք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բանակցութիւններու վերսկսման ու կ'ուզենք, որ այդ տեղի ունենայ», -ըսած է Լեժանտր:
Ան յիշեցուցած է եւրոպական միջնորդութիւնը, որուն Ֆրանսան անվերապահօրէն կ'աջակցի։
«Դուք նաեւ գիտէք, եւ հիմնական Հանրապետութեան Նախագահի շնորհիւ է, որ երկու երկիրներու ներկայացուցիչները կրցած են զրուցել իրար հետ անցեալ տարուան հոկտեմբերին կայացած գագաթաժողովի ծիրէն ներս, որու ժամանակ մենք որոշեցինք Հայաստանէն սահման ուղարկել Եւրոմիութեան առաքելութիւն՝ լարուածութիւնը թուլացնելու եւ սահմաններու նկատմամբ անձեռնմխելիութիւնը ապահովելու համար», -ըսած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչը։
Անոր խօսքով, Ֆրանսայի աջակցութիւնը Հայաստանին յստակ արտայայտուած է։
«Այն արտայայտուած է ամենաբարձր պետական մակարդակով։ Դուք գիտէք, որ հանրապետութեան նախագահը անձամբ գործադրեց բոլոր ջանքերը, որ կարենանք վերսկսիլ բանակցութիւնները, որ այս իրավիճակը հանգուցալուծուի եւ լարուածութիւնը նուազի», - եզրափակած է Լեժանտր։