Ֆրանսան չի ճանչնար Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը․ Ֆրանսայի ԱԺ նախագահ

Ֆրանսայի ԱԺ նախագահ Եաէլ Պրաուն-Փիւէն այսօր ըսած է, որ Ֆրանսան չի ճանչնար Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը:
«Սա համապատասխան է այն միջազգային իրաւունքին, որուն մենք կ'ենթարկուինք։ Ֆրանսայի ե՛ւ ծեռակոյտը, ե՛ւ Ազգային Ժողովը ընդունած են բանաձեւեր ու դատապարտած՝ Ատրպէյճանի յարձակումը եւ Լաչինի միջանցքի շրջափակումը»,- Հայաստանի ԱԺ նախագահ Ալեն Սիմոնեանի հետ համատեղ ասուլիսի ժամանակ ըսած է Փիւէն:
Անոր խօսքով՝ Ֆրանսան չէ, որ պէտք է որոշէ, թէ ինչ կարգավիճակ կրնայ ունենալ Լեռնային Ղարաբաղը տարածաշրջանին մէջ:
«Մեր դիրքորոշումը յստակ է. Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակը պէտք է սահմանուի միջազգային իրաւունքի շրջածիրէն ներս, իսկ միջազգային իրաւունքը կ'ըսէ, որ կայ միջանցք, որ պէտք է բացուի եւ պէտք է վերականգնուի մարդոց ազատ տեղաշարժը»,- ըսած է Ֆրանսայի ԱԺ նախագահը:
Ան նշած է, որ Ֆրանսան անհանգիստ է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած իրավիճակով եւ այն շրջափակումը, որ կայ Լաչինի միջանցքին, մարդասիրական վտանգներ կը ստեղծէ։
Ֆրանսայի Ազգային Ժողովի նախագահի խօսքով՝ հնարաւոր խաղաղութեան եւ երկխօսութեան ճանապարհը ամբողջովին սպառած չէ. «Խաղաղութեան հասնելու համար ամէն ինչ չենք փորձած դեռ: Մեր ուժը հարիւր տոկոսով այդ կարգաւորման ուղղուած է: Երկխօսութենէն պէտք չէ հրաժարիլ»: