Հենրիխ Մխիթարեանը լաւագոյն ֆութպոլիստ

2020-07-13
Image

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի, «Ռոմա»-ի կիսապաշտպան Հենրիխ Մխիթարեանը ճանչցուած է Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 31-րդ հանգրուանի մրցումներուն լաւագոյն ֆութպոլիստ:

SofaScore-ը կազմած է Իտալիոյ առաջնութեան 31-րդ հանգրուանի խորհրդանշական հաւաքականի կազմը` անոր մէջ ընդգրկելով նաեւ Մխիթարեանը: Ինչպէս նաեւ հայ կիսապաշտպանը ճանչցած է հանգրուանի լաւագոյն ֆութպոլիստ:

Աւելի վաղ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ «Ռոմա»-ի կիսապաշտպան Հենրիխ Մխիթարեանը ճանչցուած է «Փարմա»-ի հետ խաղի լաւագոյն ֆութպոլիստ: «Ռոմա»-ի թուիթըրեան էջի քուէարկութեան արդիւնքով հայ կիսապաշտպանը ճանչցուած է լաւագոյնը: 

Իտալիոյ ֆութպոլի առաջնութեան 31-րդ հանգրուանի մրցումներուն «Ռոմա»-ն Հռոմի Ողիմպիական մարզադաշտին մէջ հիւրընկալեց «Փարմա»-ն: Հակառակ անոր որ հիւր կազմը 9-րդ վայրկեանին փենալթիով բացաւ մրցումին հաշիւը, սակայն 43-րդ վայրկեանին, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին միջնապահ՝ Հենրիխ Մխիթարեան նշանակեց հռոմեան կազմին հաւասարութեան կոլը: Իսկ անոր մէկ խմբակիցը 85-րդ վայրկեանին նշանակեց այլ կոլ մը եւ Ա. Էս. Ռոմա յաղթեց՝ 2-1 արդիւնքով: Նշանակուած այս երկրորդ կոլին էսիսթը կատարեց նոյնինքն Մխիթարեան: