«Դադրեցուցէք վանտալիզմը» Կարօ Փայլանը դատապարտած է  Տիարպէքիրի մէջ եղած յարձակումը

2019-08-20
Image

Թուրքիոյ խորհուրդարանի հայազգի պատգամաւոր Կարo Փայլան դատապարտած է իրենց  կուսակցութեան Տիարպէքիրի  գլխաւոր կեդրոնի  դիմաց գրանցուած դէպքերը։

Փայլան ըսած է, որ եղածը գրոհ էր HDP (քրտամէտ ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան) անդամ խորհրդարանականներու  վրայ։

Ան մասնաւորապէս գրած է. «Տիարպէքիրի մէջ գտնուող մեր կուսակցութեան  կեդրոնի  դիմաց պատգամաւորներու վրայ յարձակումը սպանութեան բացայայտ փորձ է: Անոնք, որոնք կատարած են այս յարձակումը եւ անոնք, որոնք պատուիրած են այն, յանցագործութիւն կը կատարեն։ Անմիջապէս դադարեցուցէք այս վանտալիզմն ու  սպանութեան փորձը», թուիթըրի իր էջին գրառեուամ կատարած է Փայլանը։

Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ մէջ նոր լարուածութիւն գրանցած է  այն դէպքէն ետք, երբ երկրի Ներքին գործոց նախարարը որոշում կայացուցած էր իրենց պաշտօններէն զրկել մեծամասնութեամբ քրտաբնակ երեք  քաղաքներու ՝ Տիարպէքիրի,  Վանի եւ Մարտինի  քաղաքապետերը: