Ալիեւը յայտարարած է, թէ Զանգեզուրի միջանցքը «արդէն իրականութիւն Է»

2022-05-05
Image

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ 4 Մայիսին յայտարարեց, թէ Զանգեզուրի միջանցքը իրականութիւն է. «Նոյն ժամանակ, ներկայիս Զանգիլանի շրջանին մէջ մեծ ենթակառուցուածքային նախագիծեր կ՛իրականանան: Կը փափաքիմ անոնցմէ նշել երթեւեկի ենթակառուցուածքը, որ կը հանդիսանայ Զանգեզուրի միջանցքի հիմնական մասը», ըսաւ Ալիեւ Զանգիլանի շրջանին մէջ նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ նշանակուած Վահիտ Հաճիեւի հետ հեռավար հանդիպման ընթացքին:

Ըստ Ալիեւի՝ յառաջիկայ ամիսներուն Զանգիլանի մէջ օգտագործման պիտի յանձնուի միջազգային օդակայանը, որ «պիտի դառնայ տնտեսական, հաղորդակցութեան եւ ապահովութեան հարցերը լուծելու կարեւոր միջոց»։ «Ինչ կը վերաբերի Զանգեզուրի միջանցքին՝ այս միջանցքը արդէն իրականութիւն է: Թէ՛ երկաթգիծը, թէ՛ Զանգիլանի շրջանի տարածքէն անցնող մայրուղին ոչ միայն Ատրպէյճանի հիմնական մասը պիտի կապէ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան հետ, այլ նաեւ պիտի դառնայ միջազգային բեռնափոխադրումներու նոր երթուղի․ պիտի ըլլայ միջազգային երթուղի»:

Իբրեւ պատասխան Զանգեզուրի գերիշխան միջանցքի բացման մասին պաշտօնական Պաքուի յայտարարութիւններուն՝ Երեւան մնայուն կերպով կը շեշտէ, որ եռակողմ յայտարարութիւններուն մէջ «միջանցքային տրամաբանութիւն չկայ»: