ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատը պիտի քննարկէ Ատրպէյճանին պաշտպանական միջոցներու տրամադրման արգելափակման հարցը

2020-07-15
Image

Ատրպէյճանի կողմէ վերջին տարիներուն Հայաստանի սահմանային գօտիին վրայ յարձակումներէն ետք Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու պալատը մտադիր է քննարկել ԱՄՆ-ի կողմէ Ատրպէյճանին պաշտպանական միջոցներու մատակարարումը արգելափակելու հարցը: Այս մասին կը յայտնէ ԱՄՆ Հայ դատի յանձնախումբը:

«Քանի որ Ատրպէյճանը կ'ուժեղացնէ իր անդրսահմանային յարձակումը, այդ փոփոխութիւնները Քոնկրէսին հնարաւորութիւն կու տան դիմադրելու եւ զսպելու Ալիեւի թշնամանքը»,- նշած է յանձնախմբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեանը:

Հարցի քուէարկութիւնը տեղի պիտի ունենայ երկուշաբթի օր:

Ներկայացուած օրինագիծով կը նախատեսուի, որ ամերիկեան ոչ մէկ միջոց աջակցութիւն չի կրնար տրամադրուիլ Ատրպէյճանի կառավարութեան այնքան ժամանակ, քանի դեռ նախագահը չէ որոշած եւ Քոնկրէսին չէ զեկուցած, որ Ատրպէյճանի կառավարութիւնը ակնյայտ քայլեր կը ձեռնարկէ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի դէմ բոլոր շրջափակումներն ու ուժի կիրառման այլ նախայարձակ ձեւերը դադրեցնելու համար: