ԱՄՆ Քոնկրէսը հաւանութիւն տուած է Փալոնի առաջարկութեան, որ արտաքին օգնութեան ծրագրերու թափանցիկութիւն կը պահանջէ

2020-07-21
Image

ԱՄՆ Քոնկրէսը հաւանութիւն տուած է ազգային պաշտպանութեան մասին օրէնքին մէջ փոփոխութիւն կատարելու Ֆրենք Փալոնի առաջարկութեան, որ Փենթակոնի արտաքին օգնութեան ծրագրերու թափանցիկութեան ապահովում կը պահանջէ:

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը յայտնէ, որ փոփոխութիւնը պիտի ներառուի ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի կողմէն ընդունուած պլոքային փաստաթուղթերու փաթեթին մէջ: Փոփոխութիւնը պաշտպանութեան նախարարութենէն կը պահանջէ ԱՄՆ ռազմական օգնութեան ծրագրի վերաբերեալ զեկոյց ներկայացնել Քոնկրէսին:

Այս զեկոյցին մէջ պիտի ներառուին նաեւ մարդու իրաւունքներու նախապատրաստման բարելաւման ուղղուած առաջարկութիւններ եւ լրացուցիչ միջոցներ, որոնք կրնան ձեռնարկուիլ նման խախտումները կանխելու համար:

Ինչպէս նշած է փորձագէտ Սուրէն Սարգսեանը, թէեւ փաստաթուղթին մէջ Ատրպէյճանը նշուած չէ, այն լիովին կապուած է ԱՄՆ-ի եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւններուն հետ: Ան յիշեցուցած է, որ վերջին 2 տարիներու ընթացքին Ատրպէյճանը ԱՄՆ-էն ստացած է 100 միլիոն տոլարի ռազմական օգնութիւն։