Ատրպէյճանցի ընդդիմադիրը 4 տարուան ազատազրկման դատապարտուած է

2020-09-03
Image

Պաքուի դատարանը 4 տարուն եւ 3 ամսուան ազատազրկման դատապարտած է «Մուսաուաթ» կուսակցութեան աքթիւսիթ Թոֆիք Եակուպլուն: Անոր մեղաւոր ճնչցած են խուլիկանութեան մէջ, կը հաղորդէ Turan-ը: 

Յիշեցնենք, որ 22 մարտին Եակուպլուի մեքենային մէկ այլ մեքենայ բախուած էր, վթարի մեղաւորները մօտեցած էին քաղաքական գործիչին, վերջինն ալ յարձակած էր անոնց վրայ։ Նիզամինի շրջանի ոստիկանութիւնը քրէական գործ յարուցած է, սակայն քննութեան ընթացքին անոր հեռախօսէն ջնջուած են բոլոր ապացոյցները: 

Եակուպլուն դատարանը եւ իշխանութիւնները կը մեղադրէ մեղադրանքը կեղծելու եւ քաղաքական պատուէր կատարելու մէջ: Ի նշան այդ ամենաթողութեան՝ ան հացադուլ սկսած է: