Էրտողան Պայտընի հետ կը քննարկէ Ղարաբաղի հարցը

2021-10-14
Image

«Թուրքիոյ նախագահ՝ Ռէճէպ Թայէպ Էրտողան Միացեալ Նահանգներու նախագահ՝ Ճօ Պայտընի հետ կը քննարկէ Ղարաբաղի հարցը», հաղորդած է ատրպէյճանական «Թրենտ» լրատուական գործակալութիւնը՝ վկայակոչելով Թուրքիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար՝ Իպրահիմ Քալընի՝ թրքական «Միլիյէթ» թերթին տուած հարցազրոյցը։

Քալընը թուարկած է այն հարցերը, որոնք կը նախատեսուին քննարկել երկու երկիրներու նախագահներու երկկողմանի հանդիպման՝ G-20-ի առաջնորդներու գագաթնաժողովի ծիրէն ներս, որ տեղի պիտի ունենայ Հռոմ՝ Հոկտեմբեր 30-էն 31-ը։

«Մենք լայն կապեր ունինք Միացեալ Նահանգներուն հետ: Ղեկավարները կը քննարկեն օրակարգի հիմնական հարցերը՝ քաղաքական, տնտեսական, ուժաբանութեան, առեւտրային, պաշտպանական, արդիւնաբերութեան, անվտանգութեան եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ոլորտներուն մէջ: Կը քննարկուին նաեւ Աֆղանիստանի, Սուրիոյ, Իրաքի, Կովկասեան տարածաշրջանի եւ Ղարաբաղի, Լիպիոյ, Միջերկրականի ինչպէս նաեւ այլ համաշխարհային խնդիրներուն վերաբերող հարցեր», – ըսած է Թուրքիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղարը: