Էրտողան. Պէտք է սկսիլ նախագահական ընտրութիւններուն պատրաստուիլը

2022-08-25
Image

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան անսպասելի ստուգած է իր նախընտրական շտաբը եւ յանձնարարած մանրակրկիտ նախապատրաստուիլ յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւններուն, գրած է Yeni Şafak-ը։

«Նախագահ Էրտողանն անակնկալ նախընտրական հանդիպում հրաւիրած է եւ սուգած իր գործիքակազմի զարկերակը 2023 թուականի ընտրութիւններէն առաջ։ Էրտողան լսած է իր շտաբի տեսակէտները նախընտրական շրջանի նախապատրաստման բովանդակութեան ու եղանակի վերաբերեալ»,–գրած է թերթը։ 

Թուրքիոյ նախագահական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 2023 թուականի 18 յունիսին, որոնց պիտի մասնակցի Էրտողան։

Թուրքիոյ մէջ ընդհանուր (նախագահական եւ խորհրդարանական) ընտրութիւնները, տեղական օրէնսդրութեան համաձայն, տեղի կ'ունենան նոյն օրը եւ ի սկզբանէ նշանակուած էին 2023 թուականի յունիսին։ Իշխող Ժողովրդական դաշինքն աւելի վաղ յայտարարած էր, որ իրենց միասնական թեկնածուն պիտի ըլլայ գործող նախագահ Էրտողանը։ Ընդդիմութիւնը՝ ի դէմս վեց կուսակցութիւններու դաշինքի, դեռ չէ նշած իր թեկնածուին անունը։

Ընդդիմութիւնն աւելի վաղ յայտարարած էր, որ Թուրքիոյ գործող նախագահը չի կրնար մասնակցիլ ընտրութիւններուն, քանի որ սա անոր երրորդ ժամկէտը պիտի ըլլայ։ Արդարադատութեան նախարարութեան ղեկավարը բազմիցս ըսած է, որ գալիք նախագահական ընտրութիւնները Էրտողանի համար երկրորդը պիտի ըլլայ Թուրքիոյ՝ 2018 թուականին խորհրդարանական կառավարման ձեւէն նախագահականի անցնելէն ետք։