Թուրքիան միակ երկիրն է, որ պատերազմի ճակատ կը բանայ ամէնուր. Յունաստանի ԱԳՆ

2020-09-09
Image

Թուրքիան միակ երկիրն է, որ պատերազմի ճակատ կը բանայ ամէնուր եւ կը սպառնայ իր հարեւաններուն, եթէ անոնք ուզեն օգտուիլ իրենց օրինական իրաւունքներէն: Այս մասին յայտարարած է Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիասը:

Յունաստանի դէմ Թուրքիոյ գործողութիւններն «ուղղուած չեն միայն ԵՄ անդամ մէկ երկրի դէմ», - Տենտիասի խօսքերը մէջբերած է յունական City Times-ը: Ըստ անոր` Եւրոպային անհրաժեշտ է «ամբողջովին դիմադրել Թուրքիոյ գործողութիւններուն եւ վճռականօրէն, առանց երկմտելու պատասխան տալ թրքական մարտահրաւէրներուն»:

«Եւրոպան ունի այդ ընելու բաւականին արդիւնաւէտ հնարաւորութիւն: Ընտրութիւնը պարզ է. Երկխօսութիւն` առանց սպառնալիքներու եւ պատժամիջոցներու»,- ըսած է ան:

Տենտիասի խօսքով` Յունաստանը միշտ պատրաստ է բանակցելու Թուրքիոյ հետ, բայց միայն միջազգային իրաւունքի շրջագիծէն ներս` առանց «շանթաժի ու սպառնալիքներու»: «Թուրքիան միակ երկիրն է, որ պատերազմի ճակատներ կը բանայ ամէնուր, միակ երկիրն է, որ կը սպառնայ իր հարեւաններուն պատերազմով, եթէ անոնք որոշեն օգտուիլ իրենց օրինական իրաւունքներէն, որ կոպտօրէն կը խախտէ ՄԱԿ-ի կանոնադրութիւնը»,- ըսած է ան: