Թուրքիան սկսած է գրանցել Արցախ տեղափոխուիլ ցանկացող սուրիացի թուրքմէնները

2020-11-25
Image

Թուրքիան երկու գրասենեակ բացած է Աֆրինի մէջ` Արցախ տեղափոխուելու ցանկութիւն ունեցող թուրքմէն վերաբնակիչները գրանցելու համար: Այս մասին կը հաղորդէ Human Rights Organization - Afrin - Syria- ն:

«Ըստ Աֆրինէն բազմաթիւ աղբիւրներու` թրքական իշխանութիւնները վերջերս երկու գրասենեակ բացած են քաղաքի կեդրոնին մէջ՝ Արցախի տարածաշրջանին մէջ վերաբնակեցման նախապատրաստման ծիրէն ներս գրանցուիլ ուզող թուրքմէն վերաբնակիչներու ընտանիքները ընդունելու համար` նպատակ ունենալով վերջիններս վերաբնակեցնել ատրպէյճանական բանակի կողմէ վերջերս գրաւուած տարածքներուն մէջ:

Նոյն աղբիւրները հաստատած են, որ առաջին գրասենեակը կը գտնուի Popular Credit Bank կեդրոնին մէջ, Աֆրինի հին թաղամասին մէջ, որ այժմ թրքական հետախուզութեան կեդրոնն է, իսկ երկրորդ գրասենեակը կը գտնուի նախկին քրտական «Ռոնահի տպարան»ին մէջ` Նիու Աֆրին թաղամասի նախկին հիւանդանոցի հարեւանութեամբ, որ եւս թրքական հետախուզութեան կեդրոն է:

Ըստ ականատեսներու` այս երկու գրասենեակներուն մէջ թուրքմէն ընտանիքներու, յատկապէս սուրիական Հոմս նահանգի արաբ պետեւիներու մեծ թիւ կայ, որոնք կը յայտարարեն իրենց թրքական արմատներու մասին, բան մը, որ կը վկայէ այն մասին, որ ընտանիքներու վերաբերեալ տուեալները կը հաւաքուին Ատրպէյճան անոնց տեղափոխման նախապատրաստման համար:

Աղբիւրները նաեւ նշած են, որ գրասենեակի ղեկավարներէն մէկը Ապու Թարուան է` թրքական հետախուզութեան գործակալը, իսկ երկրորդ գրասենեակը կը ղեկավարէ ոմն թուրքմէն Հիրուն` Ալ-Ռաայ, Ազազ շրջանի գիւղերէն մէկէն, որ կը գտնուի Թուրքիոյ սահմանին` սուրիական Հալէպ քաղաքէն դէպի հիւսիս:

Թրքական հետախուզութիւնը եւ «Գորշ գայլեր» ահաբեկչական խումբերը թուրքմէն ընտանիքներու վերաբնակեցման ծրագիրը կը համակարգեն թրքամէտ, հիմնական Սուրիայէն թուրքմէն զինուած խմբաւորումներու հետ միասին, ինչպիսիք են Սուլթան Մուրատը, Սուլէյման Շահը, ալ-Համզաթը եւ այլոք »: