Լաւրով ԵԱՀԿ համանախագահներու հետ քննարկած է ԼՂ շուրջ ստեղծուած իրավիճակը

2020-11-19
Image

ՌԴ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը ընդունած է Լեռնային Ղարաբաղի կարգաւորման հարցով ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներ Իկոր Փոփովը (Ռուսաստան), Ստեֆան Ուիսքոնթին (Ֆրանսա), Էնտրիւ Շեֆըրը (ԱՄՆ), ինչպէս նաև ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիկը։ Այս մասին հաղորդագրութիւն տարարծած է ՌԴ արտաքին գործոց նախարարութիւնը։

«Խորհրդակցութիւններու ընթացքին քննարկուած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ անոր շուրջ ծաւալող իրավիճակը կրակի եւ բոլոր ռազմական գործողութիւններու լիակատար դադարեցման մասին 9 նոյեմբերին Ատրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահի, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի եւ Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահի ընդունած յայտարարութենէն ետք»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։

ՌԴ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը յայտնէ, որ հանդիպման ընթացքին քննարկուած են երեք երկիրներու հետագայ միջնորդական համակարգման հարցերը։