Հայաստանը հրաւիրած ենք Անթալիոյ դիւանագիտական ֆորումին. Չաւուշօղլու

2022-01-20
Image

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն յայտնած է, որ Հայաստանը հրաւիրուած է 11-13 Մարտ 2022-ին տեղի ունենալիք Անթալիոյ դիւանագիտական ֆորումին: 

«Մինչ այժմ իրենց մասնակցութիւնը հաստատած արտաքին գործոց նախարարներուն թիւը 39 է: Մենք բոլորը կը հրաւիրենք աշխարհի տարբեր ծայրերէն, հիւրեր հրաւիրած ենք նաեւ մեր տարածաշրջանէն՝ Հայաստանէն, Յունաստանէն եւ նոյնիսկ Կիպրոսի յունական կողմէ, Եգիպտոսէն եւ Իսրայէլէն: Այստեղ բոլորին ձայնը լսելի պիտի ըլլայ, այն դարձած է ազատ հարթակ», ըսած է Չաւուշօղլուն։