Հունաստանի վարչապետ. Թուրքիան գործում է որպես տարածաշրջանում հանգստությունը խախտող

2020-11-20
Image

Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիսը Sky News Arabia-ին տուած հարցազրոյցին մէջ յայտարարած է, որ Թուրքիան կը գործէ որպէս տարածաշրջանի մէջ հանգստութիւնը խախտող:

«Տեսէք՝ ինչ կը կատարուի Կիպրոսի, Լիպիայի, Կովկասի մէջ: Կարծես, չկան ընդհանուր ըմբռնումներ Թուրքիոյ հետ կարեւոր ռազմավարական առաջնարհերթութիւններու հարցով: Եւ սա պարզապէս դիտարկում չէ Յունաստանի կողմէ: Տարածաշրջանի շատ երկիրներ նոյն կարծիքը ունին որպէս հանգստութիւն խախտող Թուրքիոյ դերի մասին»,-ըսած է ան:

Հարցին, թէ ինչպէս կը գնահատէ Եւրամիութեան դիրքորոշումը Արեւելեան Միջերկրական ծովուն մէջ Անգարայի գործունէութեան նկատմամբ, Միցոթաքիսն ըսած է, որ եւրոպացի առաջնորդները հասկցնել կու տան, որ կայ երկու տարբերակ. «Կայ համագործակցութեան տարբերակ, եւ եւս մէկ տարբերակ, որ կը յանգեցնէ Թուրքիոյ եւ ԵՄ-ի միջեւ յարաբերութիւններու սրման եւ անխուսափելի հետեւանքներու Անգարայի համար»: